En arménien

En arménien – France Arménie

par Garen DJIMBASHIAN 6 janvier 2026
Ան որ կը տիրէ սփիւռքը, կը տիրէ Հայաստանի Հանրապետութեան ապա գան» -- գաղափար մը որ շատ լաւ հասկցաւ սփիւռքի գործերու պատասխանատու Զարեհ Սինանյան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամէնահայաշատ ու հայահոծ նահանգի՝ Քալիֆորնիոյ համալսարաններէն մէկուն սրահներէն ներս, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Գործերու Յանձնակատարի գրասենեակի պատասխանատու Զարեհ Սինանյան ունեցաւ մտերմիկ ու փակ դռներով հանդիպում մը Հայ ուսանողական երիտասարդութեան հետ։ Ոչ աւելի քան տասնեակ մը հայ երիտասարդներ, որոնք կ՚անդամակցին իրենց համալսարանի Հայկական Ուսանողական Կազմակերպութեան (Armenian Student Association), թագուն կը խմբուին Երեւանէն եկող պետական պաշտօնեային հետ զրոյց մը ունենալու համար։ Ներկաներու խումբը այն խումբն է որ աշխուժօրէն կը պայքարի արցախահայութեան իրաւունքներուն վերականգնման համար։ Այն խումբը որ ոչ մէկ առիթ չի խնայէր գերպետութիւններուն լսելի դարձնելու իր հայրենիքի դէմ դաւադրութիւններուն եւ մարդկային իրաւունքներու խախտումները։ Այն միեւնոյն խումբն է որ իր անձնական կեանքը կը զոհէ, որպէսզի կազմակերպչական կեանքին ծառայէ ու կարողանայ որոշ բարելաւում յառաջացնել Հայաստանի Հանրապետութեան թշուառ իրականութեան։ Այս խումբը կը պատկերացնէր թէ այս հանդիպումը իրենց պիտի ոգեւորէ ու խրախուսէ որպէսզի աւելիով կարողանան անոնք նուիրել իրենց աշխատանքներն ու ճիգերը դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան բարելաւման։ Սակայն այդ պատկերացումները կը մնան միայն երեւակայական, երբ կը լսեն կանխամտածուած, թրքամէտ լոզունգներ. պարտութեան ընդունում, Հայ Ռազմագերիներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու հարցի մոռացում, երկարամեայ պահանջներէ հրաժարում, Քրիստոնէական արժէքներու դրժում եւ ազգային զգացումի ուրացում։ Զարեհ Սինանյան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան «Սփիւռքի Գործերի Գլխաւոր Յանձնակատար» այլեւս չսահմանէր իր յուդայական աշխատանքը հսկայ դահլիճներու մէջ։ Այլ ան սկսած է իր աշխատանքը տանիլ նոյնատիպ մտերմիկ, ջերմ ու որոշ հրաւիրուած անհատներու հետ՝ մասնաւորապէս աշակերտներու հետ։ Այս ռազմավարութեան փոփոխութեան պատճառներէն մէկը կարելի է ըլլար տարիներու ընդդիմադիր աշխատանքը անոր հանրային ծրագիրներուն ու ձեռնարկներուն։ Այսպիսով, դիմադրութիւնները նախօրօք կը շրջանցեն, եւ առիթ իսկ չեն ունենար լուսաբանելու եւ ճշմարտութիւնը ցուցադրելու իր սուտերուն դիմաց։ Եւ ահաւասիկ ան ոչ թէ կը դառնայ կամուրջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի միջեւ, բայց աշխուժօրէն կ՚աշխատի ու կը ձեռնարկէ անոր կործանումն եւ ուժային նօսրացումը։ Ան կը դառնայ սփիւռքեան առաջնակարգ դէմքը Արցախեան հիմնահարցի մոռացութեան արշաւին, եւ Փաշինեանի կամակատար խաղալիքներէն մէկը։ 2019-ին ան կը նշանակուի իր այժմու պաշտօնին, եւ այդ օրուընէ կը շարունակէ սփռել ու տարածել ապատեղեկութիւն եւ պառակտիչ առանցքներ որոնք կը նպաստեն սփիւռքի թուլացման ու կործանման, փոխանակ միասնական ջանքերով միացնել զայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական կեանքին։ Սինանյան իր քաղաքական կեանքը սկսաւ Քալիֆորնիոյ համայնքի Պըրպէնքի Հայ Դատի Յանձնախումբին մէջ, որպէսզի կարողանայ յանձնախումբի կապերն ու կարելիութիւնները շահագործելով հասնիլ Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան պաշտօններու։ Եւ այդպէս ալ ըրաւ, 2013-ին ան թեկնածութիւնը հռչակեց Կլէնտելի քաղաքապետի պաշտօնին, եւ Հայ Դատի յանձնախումբի միջոցաւ կարողացաւ ապահովել բարձրաստիճան մարդկանց զօրակցութիւնը։ Աւելի համարձակ ու ժողովրդական ոճով՝ սփիւռքի այն կազմակերպութիւնները որոնք կը քարկոծուին այսօր Սինանյանի կողմէ, այն նոյն կազմակերպութիւններն են որ զինք մարդ դարձուցին։ Սակայն ժամանակը փաստեց թէ այդ նախաձեռնումը հանդիսացաւ ամբողջական ձախողութեան։ Աւելին՝ 2013-ի ընտրապայքարի ընթացքին, մէջտեղ ելան անոր կողմէ տեղադրուած գրառումներ, որոնք կը բովանդակէին ցեղային, կրօնական, դաւանանքի, սեռային եւ կանանց հանդէպ խտրականութիւն եւ ատելութիւն սփռող մեկնաբանութիւններ։ Այս խայտարակութիւնը վնասեց իր քաղաքական կարելիութիւնները Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Անշուշտ շատ մեծ տարաձայնութիւն յառաջացաւ հայ եւ օտար համայնքին մէջ, եւ շատ մը քաղաքական դէմքեր հեռացան իրմէ, իրենց հետ վերացնելով իրենց զօրակցութիւնները։ Սինանյան սկզբնական շրջանին փորձեց անտեսել եւ ուշադրութիւն չտալ իր յանցագործութիւններուն, բայց երբ այլեւս կարելի չէր լուռ մնալ, ան զղջումնագիր հրապարակեց։ Այդ զղջումնագիրը հանդիսացաւ որպէս իր դամբարանականը, Միացեալ Նահանգներու քաղաքական կեանքէն։ Եւ այսպիսով, Ամերիկեան քաղաքական կարելիութիւններու կաշկանդումն ու վանդը պատճառ դարձաւ որ ան տեղափոխուի Հայաստան, 2019 թուականին։ Հոն, կը զօրագրուի Փաշինեանի վարչակազմի կողմէ, ու կը ստանձնէ «սփիւռքի գործերի գլխաւոր յանձնակատարի» պաշտօնը։ Պաշտօն մը որուն կատարեալ անձն ինքն էր, անսակարկ։ Հաշուի առնելով թէ որքան մօտէն ծանօթ է հայկական համայնքի իրադարձութիւններուն, յատկապէս այն կազմակերպութիւնները որոնք օրին զինք կերտած են իբրեւ քաղաքական գործիչ։ Այս գրասենեակով զինք պարտականութիւն կը տրուի զանոնք ոչնչացնել։ Եւ ան կը սկսի տարաձայնութիւններ սփռել, որոնք բուռն հակառակ են այն կազմակերպութիւններուն, կը սկսի խեղաթիւրել սփիւռքի պատմական հզօրութիւնը ինչպէս նաեւ կասկածի տակ դնել դարերու հսկայական աշխատանքը ի նպաստ Ազատ Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի։ Վերադառնանք մեր այժմու նիւթին՝ Սինանյանի հետ հանդիպումը Հայ Ուսանողական Կազմակերպութեան աշակերտներու հետ։ Այս այցելութեան ընթացքին, Սինանյանի պարտականութիւն տրուած էր չորս նիւթերու մասին ապատեղեկութիւն սփռել երիտասարդական շարքերուն մէջ։ Այդ չորս նիւթերը հետեւեալներն են.- ա. «Արցախը մերը չէ, էջը փակեցէ՛ք» Սինանյան կը ներկայացնէ Արցախը որպէս Հայաստանի վերահսկողութենէն դուրս հողամաս մը, որուն հետ այլեւս որեւէ կապ չունինք եւ պէտք է մոռնանք անոր մասին։ Ան յստակ կը փոխանցէ թէ Արցախեան Հարցի հետապնդումը ծայրայեղ է, եւ խիստ վտանգաւոր Հայաստանի Հանրապետութեան։ բ. «Ռազմագերիներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը երկրորդական է։» Սինանյան բազում անգամներ շեշտած է թէ այն անթիւ Հայ Ռազմագերիներու, անհետ կորածներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու, որոնք ցարդ Պաքուի բանտերուն մէջ չարչարանքի ու տառապանքի կ՚ենթարկուին, ազատ արձակումն ու վերադարձը այնքան ալ առաջնակարգ խնդիր մը չէ։ գ. «Խաղաղութիւնը կը պարտադրէ զիջում» Ան կը շարունակէ միակողմանի զիջումները ներկայացնել որպէս «քաջութիւն» եւ ոչ թէ դաւաճան արարք։ Աւելին՝ այն յանդգնութիւնը կ՚ունենայ, անոնց որոնք կը շարունակեն պահանջել հայութեան իրաւունքները, կը պայքարին Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան պահպանումին համար, ներկայացնել որպէս ոճրագործներ եւ ծայրայեղներ։ դ. «Սփիւռքը Հայաստանի քաղաքականութեան մէջ գործ չունի» Կծու հեգնական իրականութեամբ, սփիւռքի գրասենեակը՝ փոխանակ օգտուի սփիւռքի տարիներու փորձառութենէն եւ քաղաքական հմտութիւններէն, կը հետապնդէ անոր արտաքսումը Հայաստանի քաղաքական կեանքէն։ Այս «դրամ տու՛ր, բայց գործիս մի՛ խառնուիր» ռազմավարութիւնը սփիւռքը շա՜տ լսած է, բայց ոչ եւս։ Երբ Սիանյան խօսի, կարելի է պատկերացնել հայախօս թուրք կամ ազերի մը, որուն միակ նպատակն է Հայաստանի Հանրապետութեան պետակնութեան տկարացումն ու հայ ժողովուրդի ցուլումը։ Անոր պատգամները առիթ կու տան որ Ազրպէյճանի ոճրագործութիւնները, ցեղասպան ու մարդկային իրաւունքներու խախտումի արարքները մնան անպատասխան, ճամբայ բանալով առհասարակ Հայոց ոչնչացման։ Եւ դժբախտաբար, այս Հայկական Ուսանողական Կազմակերպութեան անդամներէն մի քանին՝ վախնալով որ դարձեալ չհրաւիրուին այսպիսի հանդիպումներու, լուռ մնացին երբ Երեւանէն ժամանած այս սողուն սուտասանը իր թրքական քարոզը կ՚արտասանէր։ Բայց անոնք որոնք լուռ չմնացին, անոնք որոնք բարձրաձայնեցին իրենց արդար մտահոգութիւնները, անոնք որոնք շարադրեցին իրենց դժգոհութիւնները հանդէպ Հայաստանի հանրապետութեան այժմու իշխանութեան եւ Սփիւռքի գործերու գրասենեակին, անոնց կ՚ըսեմ «հազար ապրի՛ք»։ Դու՛ք էք իրաւունքով, դու՛ք էք արդարացի, դու՛ք էք հայրենասէր, եւ դու՛ք էք Հայոց փրկարար ուժը՝ սփիւռքի մէջ։ Օրը կու գայ, որ իւրաքանչիւրին կը տրուի իր արժանիքը. լռողը կը դատապարտուի մոռացութեան Հայոց Պատմութեան էջերուն մէջ, եւ բուռն պայքարողը կ՚արժանանայ անմահութեան։ Յարգելիներ, դժբախտաբար այսօր իրականութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուինք, ուր «սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը» սփիւռքը չի ներկայացնէր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։ Ան Փաշինեանի թոյնն է մեր ականջին։ Սփիւռքի ծոցէն մէջտեղ ելած, քաղաքական գայթակղութեամբ սպիացած, հիմա կը սպառնայ մեր միասնականութեան, յատկապէս թիրախաւորելով երիտասարդութիւնը։ Դիմադրութիւնը անհրաժեշտ է, պայքարը՝ կենսական։ Մեր միակ փրկութիւնը մեր հաւաքական ուժի մէջ է, ոչ թէ գլխատման ու դաւաճան ռազմավարութեան։ Սփիւռքի պարտականութիւնը յստակ է՝ մերժել այս կեղծաւոր սուտասաններու թրքամետ ու կործանարար լոզունգները, եւ ոչ մէկ ջանք խնայել բարձրաձայնելու համար Արցախ վերադարձի, քաղ-բանտարկեալներու ազատ արձակման պահանջը, ցեղասպան Ազրպէյճանի հաշուետուութեան հրամայականը, եւ Հայոց Ցեղասպանութեան աշխարհով մէկ ճանաչումն ու արդար հատուցումը, Ազատ Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականի հետապնդումը։
par Drochak 6 janvier 2026
2025 թ. նոյեմբերի 16-ին Վաղարշապատում տեղի ունենալիք ընտրութիւններն ընկալւում էին որպէս վերջին եւ գլխաւոր փորձ` յաջորդ տարուայ յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններից առաջ: Նկատի ունենալով այս ընտրութիւնների հոգեբանական եւ ոչ միայն հոգեբանական նշանակութիւնը` մեծ էր վերջինիս նկատմամբ հետաքրքրութիւնը: Սրանով էին բացատրւում նաեւ իշխանութեան ձեռնարկած քայլերը` իր գործելաոճով եւ պետական միջոցների լայն կիրառմամբ: Լաւ պատկերացնելով Վաղարշապատ քաղաքի բնակչութեան բորբոքուած հակաիշխանական տրամադրութիւնները, որոնք աւելի էին խորացել իշխանութեան ձեռնարկուած հակաեկեղեցական արշաւի պատճառով, իշխանութիւնը կանխաւ այս համայնքին էր կցել նաեւ Խոյ խոշորացուած համայնքը: Իրադարձութիւնները փաստեցին կանխագուշակումների արդարացուածութիւնը` իշխանական խմբակը պարտուեց Վաղարշապատ քաղաքում, փոխարէնը առաւելութեան հասնելով, մասնաւորապէս, Խոյում, որտեղ ունէր ձեւաւորուած եւ կանխատեսելի առաւելութիւն: Ի հարկէ միայն այս քայլով չէր բաւարարուել իշխանութիւնը, մինչեւ ընտրութիւնների օրը արդէն խօսակցութիւններ էին տարածուել ընտրատարածքի զանազան պաշտօնեաների, ազդեցիկ խմբերի ու անհատների հետ իրականացուած «յատուկ» աշխատանքի, բազմաթիւ անյայտ անուններ տարբեր հասցէների վրայ գաղտնաբար գրանցելու փաստերի բացայայտման եւ այլնի մասին: Ակնյայտ ապօրինութիւններն ի հարկէ դրսեւորուեցին բուն ընտրութեան օրը` տարբեր ընտրակեղծարարութիւնների կիրառմամբ, որոնց թւում` հոսանքի անջատումներն ու այդ ընթացքում քուէաթերթիկների լցոնումներն էին: Մի բան, որից Նիկոլ Փաշինեանի «ուսուցիչները» հրաժարուել էին դեռեւս անցած դարում: Եւ այս խայտառակ երեւոյթը կրկնւում է արդէն մի քանի տեղական ընտրութիւնների ժամանակ: Ի դէպ, կարելի է ենթադրել, որ ՀԷՑ-երը սեփականատիրոջից խլելու իշխանութեան ակնյայտ ապօրինութեան նպատակներից մէկն էլ ընտրութիւնների հետ կապուած հաշուարկն է, եթէ նկատի ունենանք, որ ելեկտրացանցը երկրով մէկ ամենատարածուած ենթակառուցուածքային համակարգերից է, որին առնչւում է իւրաքանչիւր տուն ու բնակիչ: Խիստ կասկածելի է, որ եթէ իշխանութիւնները չդիմէին ակնառու ընտրակեղծարարութիւնների, կ՛ունենայի՞ն արդեօք այն ոչ մեծ առաւելութիւնը, որով ապահովեցին իրենց յաղթանակը: Ամենավերից իջեցուած հրահանգով իշխանական քարոզչամեքենան անմիջապէս տարփողեց երկրի բոլոր առաջատար ազգային ուժերի նկատմամբ տարած փայլուն յաղթանակի մասին, թէեւ այդ հիմնական ուժերը տուեալ ընտրութիւններին չէին մասնակցում: Բացառութեամբ, ի հարկէ, ընդդիմադիր դաշինք կազմած ՀՅ Դաշնակցութեան տեղական կառոյցի, որը ողջ ընտրարշաւի ընթացքում գտնուեց երկրորդ դիրքում` ասպարէզը տրամադրելով դաշինքից քաղաքապետի թեկնածուին: Ընտրութիւններին մասնակից ազգային ուժերի թւում էր նաեւ անցողիկ շեմը հետագայում յաղթահարած «Մայր Հայաստան» ազգային դեմոկրատական կուսակցութիւնը, որը ներկայումս մարզերում կայանալու եւ թափ հաւաքելու գործընթացի մէջ է: Յիշենք նաեւ, որ տուեալ ընտրութիւններից առաջ հիմնական ենթադրութիւնն այն էր, թէ որեւէ ուժ միայնակ չի յաղթահարի իշխանութիւն ձեւաւորելու համար անհրաժեշտ շեմը, եւ ընտրութիւնների յաղթողը կ՛որոշուի համախոհ ուժերի ձեռք բերած արդիւնքների գումարումով: Այնպէս որ, ոչ մի ջախջախիչ պարտութիւն կամ յաղթանակ տեղի չունեցաւ` ընդդիմադիր «Յաղթանակ» դաշինքը հաւաքեց պատկառելի տոկոս, իսկ իրենց հնարաւորութիւնները փորձարկող տեղական ընդդիմադիր ուժերը չկարողացան յաղթահարել անցողիկ շեմը: Ուշագրաւ է, որ այս ընտրութիւնների ժամանակ տեղի ՔՊ-ականները նպատակայարմար էին գտել, որ Նիկոլ Փաշինեանը ընտրատարածքում չերեւայ, ինչպէս եւ քիչ աչքի զարնի իրենց թեկնածուի պատկանելիութիւնը ՔՊ-ին: Պատահական չէ, որ գերագնահատուած յաղթանակը տօնելու օրն իսկ Նիկոլ Փաշինեանի նեարդերը չդիմացան, եւ հրահանգեց խուզարկել առաջատար ընդդիմադիր ուժի ներկայացուցիչների տները եւ յարուցել քրէական գործեր: Ուշադրութեան արժանի է նաեւ այն հանգամանքը, որ ընտրութիւններից յետոյ դիմելով համայնքի բնակիչներին` Նիկոլ Փաշինեանը մասնաւորապէս ասել է. «Ձեր ընտրութեամբ կարեւոր լիցք տուեցիք մեր սրբութեան սրբոցը` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, Կտրիճ Ներսիսեանից ազատելու գործընթացին»: Ինչո՞ւ է Փաշինեանը բարոյական եւ քաղաքական ծանր գնով ձեռք բերած յաղթանակից անմիջապէս յետոյ հարկ համարում անդրադառնալու նաեւ այս թեմային: Ինչո՞ւ է Նիկոլ Փաշինեանը գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններից մէկը դարձրել հակաեկեղեցական պառակտչական պայքարը` իր համար ճակատագրական նշանակութեան ընտրութիւններից առաջ, երբ ակնյայտ է, որ գրեթէ ողջ հայ ժողովուրդն աւանդական մայր եկեղեցու հետեւորդ է, եւ այս քայլով վարչապետը կորցնում է նաեւ իր ոչ ստուար համակիր զանգուածներին: Տրամաբանական բացատրութիւնն այն է, որ Նիկոլի հիմնական յոյսը ոչ թէ ընտրողներն են, այլ` արտաքին պատուիրատուները: Որքան աւելի ակնառու է դառնում խորհրդարանական գալիք ընտրութիւններում ՔՊ-ի յաղթելու անհնարինութիւնը, Փաշինեանն աւելի մեծ եռանդով է փորձում Հայաստանում առաջ մղել արտաքին ուժերի ծրագրերը: Բնականաբար ամէն թելադրող արտաքին ուժ ձգտում է իշխանութեան բերել այնպիսի դրածոների, որոնք տուեալ երկրում կ՛ունենան որոշակի հեղինակութիւն եւ իշխանութեան վրայ գոյատեւելու կայունութեան որոշակի կարողութիւն: Այլ պարագաներում նրանք փորձում են բարոյապէս սպառուած գործիչներին փոխարինել քիչ վարկաբեկուած այնպիսի անձանցով, որոնց քաղաքական շարժումները կարճ ժամանակ անց չեն հեռացնի` փոխարինելով սեփական անկախ առաջնորդներով: Նիկոլ Փաշինեանն այժմ կաշուից դուրս է գալիս ապացուցելու, որ գալիք ընտրութիւններում ինքն անփոխարինելի է: Նախ եւ առաջ նա ազգային ընդդիմութեանը ներկայացնում է որպէս ռուսական ազդեցութեան գործակալների, իսկ իրեն, Զելենսկու օրինակով, Ռուսաստանին տարածաշրջանից դուրս մղելու եւ վերջինիս Արեւմուտքի տարածաշրջանային գործակիցներով փոխարինելու միակ ունակ գործիչը երկրում: Փաշինեանը երկիրը մտցրել է մշտական հետապնդումներով եւ բանտարկութիւններով ուղեկցուող անկայունութեան դաշտ` փորձելով ապացուցել, որ իր իշխանութիւնը մնում է կենտրոնաձիգ, ամբողջովին իր կողմից վերահսկելի, մասնաւորապէս` խորհրդարանի, կառավարութեան, ուժային եւ իրաւապահ համակարգերի պարագայում: Փաշինեանը պատերազմ է յայտարարել 1700-ամեայ մայր եկեղեցուն. եօթնամեայ կառավարման շրջանում նա դպրոցական ծրագրերից դուրս բերեց Հայոց եկեղեցու պատմութեան ուսուցումը, խզեց իշխանութիւն-եկեղեցի գործակցութիւնը, թելադրեց փակել տասնամեակների ազգանպաստ գործունէութիւն իրականացրած մայր եկեղեցուն պատկանող «Շողակաթ» հեռուստաընկերութիւնը, զրպարտեց, հալածեց ու բանտարկեց բարձրաստիճան հոգեւորականների եւ այսօր հետեւողականօրէն փորձում է ներսից պառակտել Եկեղեցին` եկեղեցական իշխանութեան բերելով իր հակազգային ու թուրքահպատակ իշխանութեան համար խօսափող ծառայող պիղծ խամաճիկների: Ժողովրդին սեփական ինքնութիւնից կտրելու եւ համաշխարհայնացման քայքայիչ յորձանքին յանձնելու համար իշխանութիւնն ոչնչացնում է ակադեմական գիտութիւնը, նոր չափորոշիչների ներդրման անուան տակ ոչնչացնում է կրթութեան ազգային ռազմավարութիւնը: Թուարկուած, ինչպէս եւ այս քաղաքականութեան շատ այլ դրսեւորումներ ակնառու են ազգային ապագայի մտահոգութիւն ունեցող զանգուածների համար, որոնց մօտ փաշինեանական ազգակործան քաղաքականութիւնն ամրապնդում է ազգային ինքնութիւնը փրկելու, հակազգային քաղաքականութիւնը մերժելու կամքը: Փաշինեանը հասկանում է, որ իրադարձութիւնների բնականոն ընթացքով հասնելու է իր թշուառ կառավարման վախճանին եւ ճիգ է անում փոխելու այդ ընթացքը: Մայր եկեղեցու դէմ ձեռնարկուած արշաւանքը եւ Ամենայն Հայոց հոգեւոր առաջնորդին հեռացնելու սադրիչ յայտարարութիւնները հետապնդում են նաեւ ներազգային բախում հրահրելու նպատակը: Այդ պարագայում բախտախնդիր ղեկավարն առիթ կ՛ունենայ գալիք ընտրութիւններն առաջաձգելու կամ յետաձգելու, քրէական հետապնդման ենթարկելու հեղինակութիւն վայելող գործիչների, ընտրապայքարից դուրս մղելու առաւել աչքի ընկնող քաղաքական ուժերի եւ այլն: Պատահական չէ, որ Նիկոլը մի քանի անգամ կրկնել է այն միտքը, թէ` եթէ ընդդիմութիւնը կարող է, թող յեղափոխութիւն անի: Ազգային ու պետական շահերը, երկրի կայունութիւնը սեփական իշխանութեան պահպանմանը զոհաբերող անձը ճգնում է մրցակցութեան օրինական հունից դէպի անօրինականութեան ու քաոսի դաշտ հրել պետութիւնն ու ազգային ուժերին, որտեղ ինքը կը կարողանայ իշխանութեան ապօրինութիւններն ու բռնութիւնները «օրինականացնել»` գործի դնելով ձեռքին խամաճիկի դեր կատարող ուժային ու իրաւապահ համակարգերին: Մեր յաջորդ միտքը ցանկանում ենք հիմնաւորել թերեւս քաղաքական էական գործօն չհանդիսացող մէկ երեւոյթի արձանագրմամբ: Արդէն երկար ժամանակ Նիկոլ Փաշինեանը, ջղագրգռութեան նոպայի հասնելով, փորձում է համոզել իրեն նախորդող երեք ղեկավարներին` իր հետ մտնելու հրապարակային բանավէճի մէջ: Սովորաբար գործող թիւ մէկ ղեկավարները խուսափում են հոգեբանական հաւասարութեան մէջ յայտնուելուց իրենց կարգավիճակով զիջող ընդդիմադիր ղեկավարների հետ: Նրանք հրաժարւում են կամ դժկամութեամբ գնում են նման բանավէճերի, եթէ դրանք երկրում հաստատուած աւանդոյթ են, ինչպէս, օրինակ, ԱՄՆ-ի պարագայում: Ինչո՞ւ է ուրեմն Նիկոլ Փաշինեանը ցանկանում վար իջնել իր իշխանական բարձունքից: Բանն այն է, որ Նիկոլ Փաշինեանը հասկանում է, որ ինքն այդպէս էլ չդարձաւ երկրի ղեկավար: Նախորդ երեք նախագահներին, անկախ նրանց նկատմամբ ունեցած վերաբերմունքից, ժողովրդի բոլոր հատուածներն ընկալում են որպէս պետութեան ղեկավարների, նրանց ելոյթները դառնում են քննարկման եւ բանավէճերի թեմա, իսկ Նիկոլ Փաշինեանի շատախօսութիւնը եթէ ուշադրութեան էլ արժանանում է, ապա` զարմանալու կամ ծիծաղելու համար: Այլեւս բոլորը հասկացել են, որ երկրի չորրորդ ղեկավարի ասածները կա՛մ անլուրջ են, կա՛մ խաբէութիւն, նախկին ասածներին հակասող հերթական անհեթեթութիւններ: Այլ խօսքով, եթէ պէտք է համեմատենք ներկայ ղեկավարին նախկինների հետ, ապա բոլորի համար ակնյայտ է, որ նախկինները երկրի ղեկավար են, իսկ գործողն այդպէս էլ մնաց անհանդուրժող, անպատասխանատու եւ պառակտիչ ընդդիմադիր: Նիկոլ Փաշինեանը, հասնելով փառքի գագաթնակէտին, կարող էր իր թեւերի տակ հաւաքել ողջ ժողովրդին` յայտարարելով, որ բոլորի առաջնորդն է, բայց կեղծ խոնարհումներից, սրտիկներ ցուցադրելուց եւ զանազան շոուներից այն կողմ նա մնաց հասարակութիւնը սեւ ու սպիտակի բաժանող, իր առաքելութիւնը չգիտակցող, անկարողութեամբ ամէն մի գործ տապալած եւ ամէն օր երկրում ներհասարակական նոր ցնցումներ ու սադրանքներ հրահրող ընդդիմադիրի տեսակ: Իր առաքելութեան բարձրութեան վրայ չգտնուելը ոչ միայն երկիրը տարաւ ահաւոր կորուստների, այլեւ հեղինակազրկեց պետութիւնը, նսեմացրեց հայ ժողովրդին: Արտաքին աշխարհն ուղղակիօրէն ցոյց է տալիս, որ դժուար է ակնածանք տածել մի ժողովրդի նկատմամբ, որը Նիկոլի նման ձախողակ, անպատասխանատու եւ հակազգային մէկին կարող է վերընտրել եւ 7 տարի ապրել նրա ներոնական թատրոնի պայմաններում: Ծանր է, անշուշտ, նման բան մտածելն անգամ քո երկրի իմաստնութեան դարաւոր ժառանգութիւն ունեցող ժողովրդի մասին, սակայն փաստն այն է, որ մենք ապրում ենք այս իրականութեան պայմաններում: Իշխանութեան վրայ գտնուող անձեռնհաս ուժն ինքնապահպանման համար ունակ չլինելով արմատական բարեփոխումների, որոնք կը յեղաշրջէին հասարակական տրամադրութիւնները, փորձում է վերջինին հասնել կեղծիքի, դժգոհող բոլոր ձայները լռեցնելու եւ վախի մթնոլորտ սերմանելու ճանապարհով: Բազմաթիւ ձերբակալութիւնների, բիրտ ուժի կիրառման գործելակերպով Նիկոլ Փաշինեանն ուզում է վերականգնել 2018-2019 թուականների վախի այն մթնոլորտը, որը հասարակութեանը մղում էր անյուսութեան ու կրաւորականութեան եւ այդ պայմաններում համակիր փոքր զանգուածի ուժերով, հեշտութեամբ ու առանց աղմուկի կրկին հասնի վերարտադրութեան ցանկալի նպատակին: Կը հասկանա՞յ արդեօք երկրի գլխաւոր ընդդիմադիրը, որ ժողովուրդն իր վախը յաղթահարել է, սթափուել է խաբէութեան թմբիրից, եւ հարուածներն աւելի կարծր են դարձնում պայքարունակ զանգուածներին: Տպաւորութիւնն այն է, որ վաղուց հատելով բոլոր կարմիր գծերը` երկրի թիւ մէկ պաշտօնին գտնուող ընդդիմադիրը հոգեբանական այն վիճակի մէջ է, թէ այլեւս կորցնելու բան չունի եւ գնում է վա բանկ` ոտնահարելով օրէնքը, օրինականութիւնը հասարակութեան ու պետութեան շահերը: Նրան կատաղեցնում է աճող ու ոտքի կանգնող ազգային ուժերի` պետութեան ու երկրի բեռը ստանձնելու տիրոջ պահուածքը, բայց դրա դէմ նրա այլընտրանքը ոչ թէ շինիչ, նախաձեռնողական ու առաջանցիկ գործունէութիւնն է, այլ` վարկաբեկումները, ազգային ուժերին գզվռտոցի, հայհոյախօսութեան ու ցեխարձակումների դաշտ ներքաշելու եւ այստեղ իրեն հաւասարեցնելով վերջիններիս կեղտոտելու գործելակերպը: Իսկ բախտի քմահաճոյքին յանձնուած երկիրը ճօճւում է անդունդի եւ փրկութեան սահմանագծին: Կը կարողանա՞յ ժողովուրդը, համախմբուելով ընդհանուր նպատակի շուրջ, միասնական ուժերով պետութեան նաւը դուրս բերել փրկութեան հորիզոններ: Հեշտ գործ չէ, եթէ նկատի ունենանք, որ այս պայքարում ազգի եւ պետութեան դէմ կանգնած են ազրպէյճանաթուրքական միջնորդ ուժն ու Անդրկովկասը վերջիններիս ենթարկեցնել փորձող արտաքին խոշոր ու դարաւոր խաղացողները: Սրանց եւ սրանց հինգերորդ շարասեան դիմաց հայ ժողովրդի յաղթանակը կը նմանուի սեփական մազերից բռնած սեփական մարմինն ու սեփական ձիուն ճահճից դուրս բերելու գրքային հերոս Պարոն Միւնհաուզենի սխրանքին: Ճակատագրական քննութեան շեմին ենք` իմաստնութիւնը, անընկճելի կամքն ու արժանապատուութիւնը մէկ անգամ եւս փաստելու քննութեան շեմին: 