Թունաւոր Գրասենեակը

Կարէն Շահէ Ճինպաշեան

Ան որ կը տիրէ սփիւռքը, կը տիրէ Հայաստանի Հանրապետութեան ապա գան» -- գաղափար մը որ շատ լաւ հասկցաւ սփիւռքի գործերու պատասխանատու Զարեհ Սինանյան

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամէնահայաշատ ու հայահոծ նահանգի՝ Քալիֆորնիոյ համալսարաններէն մէկուն սրահներէն ներս, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Գործերու Յանձնակատարի գրասենեակի պատասխանատու Զարեհ Սինանյան ունեցաւ մտերմիկ ու փակ դռներով հանդիպում մը Հայ ուսանողական երիտասարդութեան հետ։ Ոչ աւելի քան տասնեակ մը հայ երիտասարդներ, որոնք կ՚անդամակցին իրենց համալսարանի Հայկական Ուսանողական Կազմակերպութեան (Armenian Student Association), թագուն կը խմբուին Երեւանէն եկող պետական պաշտօնեային հետ զրոյց մը ունենալու համար։ Ներկաներու խումբը այն խումբն է որ աշխուժօրէն կը պայքարի արցախահայութեան իրաւունքներուն վերականգնման համար։ Այն խումբը որ ոչ մէկ առիթ չի խնայէր գերպետութիւններուն լսելի դարձնելու իր հայրենիքի դէմ դաւադրութիւններուն եւ մարդկային իրաւունքներու խախտումները։ Այն միեւնոյն խումբն է որ իր անձնական կեանքը կը զոհէ, որպէսզի կազմակերպչական կեանքին ծառայէ ու կարողանայ որոշ բարելաւում յառաջացնել Հայաստանի Հանրապետութեան թշուառ իրականութեան։ Այս խումբը կը պատկերացնէր թէ այս հանդիպումը իրենց պիտի ոգեւորէ ու խրախուսէ որպէսզի աւելիով կարողանան անոնք նուիրել իրենց աշխատանքներն ու ճիգերը դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան բարելաւման։ Սակայն այդ պատկերացումները կը մնան միայն երեւակայական, երբ կը լսեն կանխամտածուած, թրքամէտ լոզունգներ. պարտութեան ընդունում, Հայ Ռազմագերիներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու հարցի մոռացում, երկարամեայ պահանջներէ հրաժարում, Քրիստոնէական արժէքներու դրժում եւ ազգային զգացումի ուրացում։

Զարեհ Սինանյան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան «Սփիւռքի Գործերի Գլխաւոր Յանձնակատար» այլեւս չսահմանէր իր յուդայական աշխատանքը հսկայ դահլիճներու մէջ։ Այլ ան սկսած է իր աշխատանքը տանիլ նոյնատիպ մտերմիկ, ջերմ ու որոշ հրաւիրուած անհատներու հետ՝ մասնաւորապէս աշակերտներու հետ։ Այս ռազմավարութեան փոփոխութեան պատճառներէն մէկը կարելի է ըլլար տարիներու ընդդիմադիր աշխատանքը անոր հանրային ծրագիրներուն ու ձեռնարկներուն։ Այսպիսով, դիմադրութիւնները նախօրօք կը շրջանցեն, եւ առիթ իսկ չեն ունենար լուսաբանելու եւ ճշմարտութիւնը ցուցադրելու իր սուտերուն դիմաց։ Եւ ահաւասիկ ան ոչ թէ կը դառնայ կամուրջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի միջեւ, բայց աշխուժօրէն կ՚աշխատի ու կը ձեռնարկէ անոր կործանումն եւ ուժային նօսրացումը։ Ան կը դառնայ սփիւռքեան առաջնակարգ դէմքը Արցախեան հիմնահարցի մոռացութեան արշաւին, եւ Փաշինեանի կամակատար խաղալիքներէն մէկը։ 2019-ին ան կը նշանակուի իր այժմու պաշտօնին, եւ այդ օրուընէ կը շարունակէ սփռել ու տարածել ապատեղեկութիւն եւ պառակտիչ առանցքներ որոնք կը նպաստեն սփիւռքի թուլացման ու կործանման, փոխանակ միասնական ջանքերով միացնել զայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական կեանքին։
Սինանյան իր քաղաքական կեանքը սկսաւ Քալիֆորնիոյ համայնքի Պըրպէնքի Հայ Դատի Յանձնախումբին մէջ, որպէսզի կարողանայ յանձնախումբի կապերն ու կարելիութիւնները շահագործելով հասնիլ Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան պաշտօններու։ Եւ այդպէս ալ ըրաւ, 2013-ին ան թեկնածութիւնը հռչակեց Կլէնտելի քաղաքապետի պաշտօնին, եւ Հայ Դատի յանձնախումբի միջոցաւ կարողացաւ ապահովել բարձրաստիճան մարդկանց զօրակցութիւնը։ Աւելի համարձակ ու ժողովրդական ոճով՝ սփիւռքի այն կազմակերպութիւնները որոնք կը քարկոծուին այսօր Սինանյանի կողմէ, այն նոյն կազմակերպութիւններն են որ զինք մարդ դարձուցին։ Սակայն ժամանակը փաստեց թէ այդ նախաձեռնումը հանդիսացաւ ամբողջական ձախողութեան։

Աւելին՝ 2013-ի ընտրապայքարի ընթացքին, մէջտեղ ելան անոր կողմէ տեղադրուած գրառումներ, որոնք կը բովանդակէին ցեղային, կրօնական, դաւանանքի, սեռային եւ կանանց հանդէպ խտրականութիւն եւ ատելութիւն սփռող մեկնաբանութիւններ։ Այս խայտարակութիւնը վնասեց իր քաղաքական կարելիութիւնները Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Անշուշտ շատ մեծ տարաձայնութիւն յառաջացաւ հայ եւ օտար համայնքին մէջ, եւ շատ մը քաղաքական դէմքեր հեռացան իրմէ, իրենց հետ վերացնելով իրենց զօրակցութիւնները։ Սինանյան սկզբնական շրջանին փորձեց անտեսել եւ ուշադրութիւն չտալ իր յանցագործութիւններուն, բայց երբ այլեւս կարելի չէր լուռ մնալ, ան զղջումնագիր հրապարակեց։ Այդ զղջումնագիրը հանդիսացաւ որպէս իր դամբարանականը, Միացեալ Նահանգներու քաղաքական կեանքէն։
Եւ այսպիսով, Ամերիկեան քաղաքական կարելիութիւններու կաշկանդումն ու վանդը պատճառ դարձաւ որ ան տեղափոխուի Հայաստան, 2019 թուականին։ Հոն, կը զօրագրուի Փաշինեանի վարչակազմի կողմէ, ու կը ստանձնէ «սփիւռքի գործերի գլխաւոր յանձնակատարի» պաշտօնը։ Պաշտօն մը որուն կատարեալ անձն ինքն էր, անսակարկ։ Հաշուի առնելով թէ որքան մօտէն ծանօթ է հայկական համայնքի իրադարձութիւններուն, յատկապէս այն կազմակերպութիւնները որոնք օրին զինք կերտած են իբրեւ քաղաքական գործիչ։ Այս գրասենեակով զինք պարտականութիւն կը տրուի զանոնք ոչնչացնել։ Եւ ան կը սկսի տարաձայնութիւններ սփռել, որոնք բուռն հակառակ են այն կազմակերպութիւններուն, կը սկսի խեղաթիւրել սփիւռքի պատմական հզօրութիւնը ինչպէս նաեւ կասկածի տակ դնել դարերու հսկայական աշխատանքը ի նպաստ Ազատ Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի։
Վերադառնանք մեր այժմու նիւթին՝ Սինանյանի հետ հանդիպումը Հայ Ուսանողական Կազմակերպութեան աշակերտներու հետ։ Այս այցելութեան ընթացքին, Սինանյանի պարտականութիւն տրուած էր չորս նիւթերու մասին ապատեղեկութիւն սփռել երիտասարդական շարքերուն մէջ։ Այդ չորս նիւթերը հետեւեալներն են.- 

ա. «Արցախը մերը չէ, էջը փակեցէ՛ք»
Սինանյան կը ներկայացնէ Արցախը որպէս Հայաստանի վերահսկողութենէն դուրս հողամաս մը, որուն հետ այլեւս որեւէ կապ չունինք եւ պէտք է մոռնանք անոր մասին։ Ան յստակ կը փոխանցէ թէ Արցախեան Հարցի հետապնդումը ծայրայեղ է, եւ խիստ վտանգաւոր Հայաստանի Հանրապետութեան։

բ. «Ռազմագերիներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը երկրորդական է։»
Սինանյան բազում անգամներ շեշտած է թէ այն անթիւ Հայ Ռազմագերիներու, անհետ կորածներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու, որոնք ցարդ Պաքուի բանտերուն մէջ չարչարանքի ու տառապանքի կ՚ենթարկուին, ազատ արձակումն ու վերադարձը այնքան ալ առաջնակարգ խնդիր մը չէ։ 

գ. «Խաղաղութիւնը կը պարտադրէ զիջում»
Ան կը շարունակէ միակողմանի զիջումները ներկայացնել որպէս «քաջութիւն» եւ ոչ թէ դաւաճան արարք։ Աւելին՝ այն յանդգնութիւնը կ՚ունենայ, անոնց որոնք կը շարունակեն պահանջել հայութեան իրաւունքները, կը պայքարին Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան պահպանումին համար, ներկայացնել որպէս ոճրագործներ եւ ծայրայեղներ։

դ. «Սփիւռքը Հայաստանի քաղաքականութեան մէջ գործ չունի»
Կծու հեգնական իրականութեամբ, սփիւռքի գրասենեակը՝ փոխանակ օգտուի սփիւռքի տարիներու փորձառութենէն եւ քաղաքական հմտութիւններէն, կը հետապնդէ անոր արտաքսումը Հայաստանի քաղաքական կեանքէն։ Այս «դրամ տու՛ր, բայց գործիս մի՛ խառնուիր» ռազմավարութիւնը սփիւռքը շա՜տ լսած է, բայց ոչ եւս։

Երբ Սիանյան խօսի, կարելի է պատկերացնել հայախօս թուրք կամ ազերի մը, որուն միակ նպատակն է Հայաստանի Հանրապետութեան պետակնութեան տկարացումն ու հայ ժողովուրդի ցուլումը։ Անոր պատգամները առիթ կու տան որ Ազրպէյճանի ոճրագործութիւնները, ցեղասպան ու մարդկային իրաւունքներու խախտումի արարքները մնան անպատասխան, ճամբայ բանալով առհասարակ Հայոց ոչնչացման։ Եւ դժբախտաբար, այս Հայկական Ուսանողական Կազմակերպութեան անդամներէն մի քանին՝ վախնալով որ դարձեալ չհրաւիրուին այսպիսի հանդիպումներու, լուռ մնացին երբ Երեւանէն ժամանած այս սողուն սուտասանը իր թրքական քարոզը կ՚արտասանէր։ Բայց անոնք որոնք լուռ չմնացին, անոնք որոնք բարձրաձայնեցին իրենց արդար մտահոգութիւնները, անոնք որոնք շարադրեցին իրենց դժգոհութիւնները հանդէպ Հայաստանի հանրապետութեան այժմու իշխանութեան եւ Սփիւռքի գործերու գրասենեակին, անոնց կ՚ըսեմ «հազար ապրի՛ք»։ Դու՛ք էք իրաւունքով, դու՛ք էք արդարացի, դու՛ք էք հայրենասէր, եւ դու՛ք էք Հայոց փրկարար ուժը՝ սփիւռքի մէջ։ Օրը կու գայ, որ իւրաքանչիւրին կը տրուի իր արժանիքը. լռողը կը դատապարտուի մոռացութեան Հայոց Պատմութեան էջերուն մէջ, եւ բուռն պայքարողը կ՚արժանանայ անմահութեան։

Յարգելիներ, դժբախտաբար այսօր իրականութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուինք, ուր «սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը» սփիւռքը չի ներկայացնէր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։ Ան Փաշինեանի թոյնն է մեր ականջին։ Սփիւռքի ծոցէն մէջտեղ ելած, քաղաքական գայթակղութեամբ սպիացած, հիմա կը սպառնայ մեր միասնականութեան, յատկապէս թիրախաւորելով երիտասարդութիւնը։ Դիմադրութիւնը անհրաժեշտ է, պայքարը՝ կենսական։ Մեր միակ փրկութիւնը մեր հաւաքական ուժի մէջ է, ոչ թէ գլխատման ու դաւաճան ռազմավարութեան։ Սփիւռքի պարտականութիւնը յստակ է՝ մերժել այս կեղծաւոր սուտասաններու թրքամետ ու կործանարար լոզունգները, եւ ոչ մէկ ջանք խնայել բարձրաձայնելու համար Արցախ վերադարձի, քաղ-բանտարկեալներու ազատ արձակման պահանջը, ցեղասպան Ազրպէյճանի հաշուետուութեան հրամայականը, եւ Հայոց Ցեղասպանութեան աշխարհով մէկ ճանաչումն ու արդար հատուցումը, Ազատ Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականի հետապնդումը։

par Anne Marie MOURADIAN 10 mai 2026
A l’approche des élections législatives du 7 juin, l’Europe apporte son soutien au Premier ministre arménien, jugeant sa réélection “ essentielle à la paix, à la stabilisation dans la région et au maintien du rapprochement de l'Arménie avec l'Occident ”.
par Varoujan MARDIKIAN 1 mai 2026
Comment les Arméniens rescapés du Génocide ont-ils vécu leur installation à Alfortville ? Quel regard le pays d’accueil a-t-il porté sur leur intégration ? Fruit d’un partenariat entre la MCA d’Alfortville et l’Association ARAM de Marseille, l’exposition organisée à Alfortville par l’historien Sevan Ananian, avec le soutien de la municipalité, revient sur cette période.
par Peniamin HAGI MANOUGIAN 1 mai 2026
Ce 24 Avril marque un double rendez-vous : la ressortie en salles de Sans retour possible (1983), film co-réalisé par Serge Avédikian et Jacques Kébadian, et la publication d'Un mur contre l'oubli, ouvrage conçu par ce dernier à partir de cette matière filmique. À cette occasion, Serge Avédikian revient sur un geste cinématographique né de la nécessité de transmettre et de faire mémoire, dont la portée et les résonances se prolongent encore aujourd'hui.
par Almasd LELOIRE KERACKIAN 1 mai 2026
Des souvenirs familiaux aux tapis rouges des Oscars, il trace un parcours singulier entre héritage, identité et création. À travers ses films, il explore l’intime pour mieux toucher à l’universel et porter une voix encore trop rare à Hollywood. Le film qu’il a coproduit Sinners (Les Pécheurs) avec le réalisateur Ryan Coogler et son épouse Zinzi Coogler a été nommé dans 16 catégories aux Oscars. Sinners a remporté quatre statuettes.
par Harout MARDIROSSIAN 1 mai 2026
On ne le sait pas suffisamment, mais le HOM, les Croix de secours arméniennes, est reconnu comme une organisation non gouvernementale (Ong) qui dispose depuis près de 50 ans du droit à participer plusieurs fois par an aux travaux de l’ONU au sein de plusieurs commissions et conférences. Une présence qui lui a permis de “ porter la voix des femmes arméniennes ” comme l’a confié à France Arménie, Aroussiag Melkonian, la présidente au niveau mondial du HOM.
par Tigrane YEGAVIAN - Photos Melkon AJAMIAN 30 avril 2026
À deux mois du scrutin législatif du 7 juin 2026, rendez-vous électoral crucial pour l'avenir de l'Arménie, la transnation arménienne s'est réunie à Paris les 11 et 12 avril 2026. Organisée à la Maison de la Mutualité, cette conférence de mobilisation de la Diaspora arménienne a bénéficié de la logistique et des réseaux de la FRA Dachnaktsoutioun en Diaspora et s'est donnée pour mission de faire entendre une autre voix, un autre positionnement politique articulé autour de la défense intransigeante de la Cause arménienne. Dans un contexte de crise existentielle sans précédent, cet événement a marqué l'émergence d'un contre-narratif face au discours officiel d'Erevan, une affirmation claire d'une arménité fondée sur la résistance et la dignité — et non sur la résilience passive
par Varoujan MARDIKIAN 30 avril 2026
À un mois et demi des élections et en plein processus de normalisation des relations avec l’Azerbaïdjan et la Turquie, le message du 24-Avril de Nikol Pachinian a torpillé les fondamentaux de la Cause arménienne
par Sacha VAYTET CAZARIAN 30 avril 2026
111 ans après le Génocide des Arméniens, les commémorations ont une nouvelle fois rassemblé largement, mêlant recueillement, engagement et transmission aux nouvelles générations. Preuve en est, la présence exceptionnelle du Premier ministre français Sébastien Lecornu lors de la cérémonie républicaine du 24-Avril
par Tigrane YEGAVIAN 30 avril 2026
Entre crises économiques, tensions géopolitiques et guerres régionales, les Arméniens de Syrie, du Liban et d'Iran ont commémoré le 24-Avril dans des conditions exceptionnellement difficiles. Alors que ces communautés historiques, autrefois poumons de la Diaspora arménienne, luttent pour leur survie, le silence d'Erevan résonne comme un abandon.
par Zmrouthe AUBOZIAN 30 avril 2026
111 ans sont passés depuis le funeste 24-Avril-1915 à Constantinople et 61 ans depuis la première commémoration publique de ce Génocide.